Եկէք անկեղծ խօսինք

Եկէք անկեղծ խօսինք

by Սագօ Արեան
Season 1
Արման Antic Մարգարեան - Ինչպէ՞ս Խնդացնել Հարիւրները, «Հայկական Ցաւեր» | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #70
🎭 Կատակերգութեան եւ երաժշտութեան միջեւ. Ինչո՞ւ Անթիք սկզբնական շրջանին լուրջ չէր վերաբերեր կատակերգութեամբ զբաղելու քրոջ խորհուրդներուն։ 🌴 «Դրախտի երկիր» Լոս Անճելըս. Ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ ԱՄՆ եւ ինչպէ՞ս փոխուեցաւ իր կեանքը։ 🏫 Public School-ի տարիներն ու ինքնապաշտպանութիւնը. Դպրոցական կռիւները, ինքնահաստատման խնդիրները եւ տարբերութիւնը Կլենտէլի միջավայրէն։ 📱 Ընկերային ցանցերու ճնշումը. Երբ կը հասկնաս, որ այլեւս քեզի համար չես ապրիր, այլ հետեւորդները (follower-ները) զբաղեցնելու համար։ 💔 Ցաւալի կորուստ. Ընկերոջ անժամանակ հեռանալը կեանքէն։ 🇦🇲 Հայաստան գալն ու վերալիցքաւորուիլը. Ինչպէ՞ս Հայաստանը ոյժ կու տայ, եւ ի՞նչ պատահեցաւ գալէն մէկ շաբաթ ետք։ 😄 Կատակով ու հումորով. Ի՞նչ կարելի է «տանիլ» Հայաստանէն ԱՄՆ։ 🔴 Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք ԱՄՆ ապրող կատակերգակ, դերասան, բեմագիր Արման «Անթիք» Մարգարեանին հետ։
Ռաֆֆի Ջանեցեան - Տղամարդու Առողջութիւն, Բժշկութիւն, Հայկական Կարծրատիպեր | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #69
🇦🇲1990 Հոկտեմբեր 6-ին առաջին անգամ Հայաստան այցելելէ ետք հայրենիքի մէջ վերջնականապէս ապրելու որոշումը: 💰Արդեօ՞ք դրամով կարելի է առողջութիւն գնել, թէ՞ դրամը միայն կ՛օգնէ լաւագոյն բժիշկներուն դիմելու: 🤖Ի՞նչ դեր ունի արհեստական բանականութիւնը ախտորոշման մէջ, եւ որո՞նք են վտանգները: 🇦🇲Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի միախառնումը որպէս բնական եւ անխուսափելի գործընթաց: 🥂Ո՞րն է ոգելից խմիչքի չափաւոր օգտագործման եւ առողջ ապրելակերպի ճիշդ սահմանը: 🇦🇲Հայաստանի մէջ սեռային կեանքի վերաբերեալ տարածուած թիւրիմացութիւններն ու ատոնց սրբագրումը: 💪Առողջութեամբ զբաղելու անհրաժեշտութիւնը ծննդեան օրէն մինչեւ կեանքի վերջ՝ կարեւորելով ոչ թէ միայն ապրած տարիներու քանակը, այլեւ որակն ու առողջ ապրիլը: Ո՞վ է մեղաւոր առկայ պարտութիւններուն մէջ, եւ ինչպէ՞ս դժուարութիւնները վերածել ինքնաքննադատութեան, վերագնահատման ու վերաիմաստաւորման առիթի: Ի՞նչ լուծում ունի վերջին 35 տարիներու ժողովրդագրական տեղապտոյտը, եւ ինչո՞ւ հայերը պէտք է հաւաքուին ու ապրին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: ⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք տղամարդոց առողջութեան մասնագէտ, միզասեռախտաբան, հանրային գործիչ Ռաֆֆի Ջանեցեանի հետ։
Ալին Պզտիկեան - ԱՄՆ - Հայաստան, Արեւմտահայերէն, Մանկագրութիւն, Կրթութիւն| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #68
🇦🇲Հայաստանի մասին լուրերն իրակա՞ն են, թէ՞ երկիրն է փոխուած։ 🇺🇸🇦🇲Լոս Անճելըսը Հայաստա՞ն է, թէ՞ Հայաստանն իր տեղն է ու հոն չէ փոխադրուած։ 👨‍🏫Ներշնչող ուսուցիչը. ի՞նչ ներշնչումներ ձգած է Մուշեղ Իշխանը։ 🇺🇸🇦🇲ԱՄՆ-ի հայկական դպրոցներու խնդիրները. վաղ տարիքի մանկական գրականութիւնն ընդդէմ թուային սարքերո՞ւ։ 🧩Սեղանի հայերէն խաղերու նշանակութիւնը Սփիւռքի մէջ։ Արեւմտահայերէնը «հաց կը կերցնէ՞». անցեալին եւ ներկայիս անոր դերը։ 🇦🇲Արեւմտահայկական դպրոցն անհրաժե՞շտ է Հայաստանի մէջ։ ⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք մանկագիր, մանկավարժ՝ Ալին Պզտիկեանի հետ։
Ժոզէֆ Գրիգորեան - Փոլ Պաղտատլեանի հետ ընկերութիւնը, Երգ, Սփիւռք, Լիբանան | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #67
🇦🇲«Սիրահարուած եմ Հայաստանին»․ Ժոզէֆ Գրիգորեանը՝ Հայաստան այցելելու եւ հայրենիքին հանդէպ ունեցած սիրոյ մասին: 🇺🇸🇱🇧Առաջին քայլերն ԱՄՆ-ի մէջ . 1995 թուականին ԱՄՆ մեկնելու, առաջին փորձառութեան եւ ամերիկեան կեանքի առաջին տպաւորութիւններուն մասին: 💬Փօլ Պաղտատլեանի հետ ընկերութիւնը. Ո՞վ էր Փօլ Պաղտատլեանը իրականութեան մէջ, ինչպէ՞ս զինք կ՚ընկալէին մարդիկ եւ ինչպիսի՞ն էր ան որպէս անհատականութիւն ու ընկեր: Ինչո՞ւ կարեւոր է արուեստագէտն ու մարդը գնահատել իր կենդանութեան օրօք: 🇱🇧🇸🇾🇦🇲Սփիւռքի տարբեր համայնքներու (Լիբանան, Հալէպ, Իրան եւ այլն) եւ Հայաստանի հանդիսատեսին քաջալերանքն ու սէրը, որ ստեղծագործական ուժ կու տան: 🎙«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի ընթացքին լիբանանեան ծագումով ամերիկաբնակ երգիչ Ժոզէֆ Գրիգորեան կը պատմէ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ իր կեանքէն եւ գործունէութենէն։
Լեւոն Աֆէյեան - Յաջողութեան Գաղտնիք, Գանատահայութիւն Եւ Հայու Ինքնութիւն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #66
🇦🇲Սփիւռքահայի ինքնութեան «ոսկիէ օրէնքը». Ինչպէ՞ս չկորսնցել ինքնութիւնն օտարութեան մէջ: Ինչո՞ւ սփիւռքի մէջ ապրող հայը յարատեւ տագնապի մէջ է՝ «ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը» մտահոգութեամբ։ 🇦🇲🇨🇦🇱🇧Հինգ սերունդ, հինգ երկիր. Մէկ ընտանիքի պատմութիւն։ Մեր մայր բնութիւնը կարծես արգիլած է, որ հայրերը եւ զաւակները երկու սերունդ միասին մնան նոյն տեղը։ Ունինք մեր երազած անկախ պետականութիւնը, բայց ի՞նչ է այսօրուան մեր հաւաքական նպատակը։ Միասնականութեան վախը. Ինչո՞ւ մեր կառոյցները կը վախնան իսկական միասնականութենէ. «Միասնականութիւնը չի նշանակեր մէկ ըլլալ, այլ՝ միասին քալել»։ ⭕️Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի հիւրը քանատաբնակ գործարար, ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Լեւոն Աֆէյեանն է։
Վահէ Պէրպէրեան - Ո՞վ է Հայը․ Հայաստան, Պատերազմ, Կարօտ, Բեմ, Ծիծաղ | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #65
🔴Վիդեօ տարբերակը՝ YouTube -ի վրայ (Arevelkam) 🇱🇧🇺🇸 🎭 Պէյրութի փողոցներէն մինչեւ Լոս Անճելըսի բեմերը․ ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ հայ, արուեստագէտ եւ պէյրութահայ։ 🇦🇲 «Աստուած կատակ չի՞ սիրեր»․ ի՞նչ է հայկական հումորի գաղտնիքը եւ ինչպէ՞ս ծիծաղն ու արուեստը կը փրկեն հոգին։ 🎭 Թատրոնի կրակն ու հայ-հայուն վէճերը․ արդեօ՞ք բեմի վրայ «բենզին կը թափուի կրակին վրայ», թէ՞ խօսքը ինքնութիւնը պահելու մասին է։ 💭 Հոգեկան խոցերու մէջ ապրող ժողովուրդն ու ապրելու կիրքը․ ի՞նչը կը ստիպէ հայուն միշտ ուրախանալու առիթ փնտռել։ 🇱🇧🇺🇸 Պէյրութեան պատերազմի յուշերն ու 15 տարուան կարօտը․ իրականութիւն դարձա՞ւ արդեօք վերադարձի յոյսը։ ⭕️ Այս եւ բազմաթիւ այլ հետաքրքրական թեմաներու շուրջ «Եկէք Անկեղծ Խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ կը զրուցենք նշանաւոր արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի հետ։
Razi J (Ռազմիկ Ճուլֆայեան) - Ինքնութիւն, Երաժշտութիւն, Սփիւռքահայ Երգարուեստ| Եկէք Անկեղծ Խօսինք #64
⛪️🎵Մանկութեան սէրը եկեղեցիին հանդէպ․ ինչպէ՞ս եկեղեցին դարձաւ իր «կեանքի դպրոցը»։ 🇱🇧🇦🇲Պուրճ Համուտը որպէս «փոքր Հայաստան»․ ինչպիսի՞ն էր հայկական միջավայրը, ուր ան մեծցած է։ 🎤 Արաբերէնէն հայերէն երգեցողութեան անցնիլը․ ո՞ր արուեստագէտի խօսքը փոխեց իր ամբողջ ընթացքը։ 🎙 Իսկական արուեստագէտի յատկանիշները․ ինչո՞ւ բաւարար չէ միայն մօր գովասանքը, եւ ի՞նչ պէտք է գիտնայ բեմին վրայ։ 💻 Համացանցի դաժանութիւնն ու սուտ լուրերը․ ինչպէ՞ս իր մահուան մասին տարածուած լուրը ցաւ պատճառեց մօրը։ ❤️ Իրար սիրելու եւ աջակցելու կարեւորութիւնը․ ինչո՞ւ հայերը պէտք է միասնական ըլլան, քանի որ թիւով քիչ են։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան «Եկէք անկեղծ խօսինք» փոթքասթին հիւրընկալած է երգիչ, մշակութային, համայնքային գործիչ Ռազմիկ Ճուլֆայեանին (Razi J):
Մարալ Տէյիրմենճեան - Հայաստանի Վիճակ, Լիբանանահայ Գաղութ Եւ Կրթական Կեանք - Եկէք Անկեղծ Խօսինք #63
🇦🇲Հայաստանը երէկ եւ այսօր.Փոփոխութիւններ եւ տարբերութիւններ։ Անցեալին տխուր երկիր էր Հայաստանը, իսկ այսօր՝ ուրախ։ Մեր հիւրը՝ Մարալ Տէյիրմենճեանը, ինչպէ՞ս յայտնուեցաւ կրթական ոլորտին մէջ։ 🇱🇧Ի՞նչ էին Լիբանանին տրուած «նուէրները»: Պէյրութի մեծ պայթումը ամենասոսակալին էր: Ի՞նչ վնասներ կրեցին Լիբանանի հայկական դպրոցները եւ ի՞նչ պայմաններու տակ դարձեալ ոտքի կանգնեցան։ 🇦🇲🇱🇧Լիբանանեան մեծագոյն խնդիրը ի՞նչ է այսօր, եւ ի՞նչ են հնարաւորութիւնները։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է լիբանանահայ կրթական մշակ, Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն Վարժարանի (Էշրէֆիէ) տնօրէնուհի՝ Մարալ Տէյիրմենճեանի հետ։
Մկրտիչ Սէրթշիմշէք - Խաչեր, Էրտողանի այցը Ազգային Հիւանդանոց,Պոլսահայութուն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #62
🇦🇲🇹🇷«Ես Հայաստանի վիրուսը առած եմ». պոլսահայ գործչի խոստովանութիւնը «Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն ձեռքս մեկնած եմ եւ աշխարհի չորս կողմը շատ մը եկեղեցիներու օժանդակած եմ. սիրով կ՚ընեմ»։ 🇦🇲🇹🇷Ինչպէ՞ս կ՚ապրին հայերը Պոլսոյ մէջ։ Հայաստանի հայութեան ապագան՝ դուրսի դիտողի աչքերով։ ⭕️«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ իր գործունէութեան եւ հայ-թրքական կապերու մասին կը պատմէ համայնքային գործիչ, եկեղեցական սպասքներու ստեղծարար մասնագէտ, քիմիագէտ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք։
Մովսէս Ֆաքճեան - Հալէպի Նոր Գիւղ, Պիքֆայայի Դպրեվանք, Թատրոն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #61
Մերձաւոր Արեւելքի անցեալի կեանքը։ Յիշողութիւններ, պատմութիւններ, հետաքրքրական դրուագներ անցեալէն։ 🇦🇲🇸🇾Ինչո՞ւ սուրիահայութիւնը չկարողացաւ այստեղ ստեղծել իր կեանքը։ ⭕️Այս եւ այլ հարցերու մասին «Անկեղծ զրոյց»-ի տաղաւարին մէջ կը պատմէ համայնքային գործիչ, դերասան՝ Մովսես Ֆաքճեան։
1 of 7