Եկէք անկեղծ խօսինք

Եկէք անկեղծ խօսինք

di Սագօ Արեան
Stagione 1
Մկրտիչ Սէրթշիմշէք - Խաչեր, Էրտողանի այցը Ազգային Հիւանդանոց,Պոլսահայութուն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #62
🇦🇲🇹🇷«Ես Հայաստանի վիրուսը առած եմ». պոլսահայ գործչի խոստովանութիւնը «Պոլսոյ բոլոր եկեղեցիներուն ձեռքս մեկնած եմ եւ աշխարհի չորս կողմը շատ մը եկեղեցիներու օժանդակած եմ. սիրով կ՚ընեմ»։ 🇦🇲🇹🇷Ինչպէ՞ս կ՚ապրին հայերը Պոլսոյ մէջ։ Հայաստանի հայութեան ապագան՝ դուրսի դիտողի աչքերով։ ⭕️«Եկէք անկեղծ խօսինք»-ի տաղաւարին մէջ իր գործունէութեան եւ հայ-թրքական կապերու մասին կը պատմէ համայնքային գործիչ, եկեղեցական սպասքներու ստեղծարար մասնագէտ, քիմիագէտ Մկրտիչ Սէրթշիմշէք։
Մովսէս Ֆաքճեան - Հալէպի Նոր Գիւղ, Պիքֆայայի Դպրեվանք, Թատրոն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #61
Մերձաւոր Արեւելքի անցեալի կեանքը։ Յիշողութիւններ, պատմութիւններ, հետաքրքրական դրուագներ անցեալէն։ 🇦🇲🇸🇾Ինչո՞ւ սուրիահայութիւնը չկարողացաւ այստեղ ստեղծել իր կեանքը։ ⭕️Այս եւ այլ հարցերու մասին «Անկեղծ զրոյց»-ի տաղաւարին մէջ կը պատմէ համայնքային գործիչ, դերասան՝ Մովսես Ֆաքճեան։
Սիպիլ - Երգարուեստ, Դժուար Ճամբայ Եւ Պոլսահայ Համայնք | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #60
🇹🇷🎵Թուրքիոյ մէջ երգելու մասին. Դժուա՞ր, թէ՞ դիւրին ընտրանք։ 🇦🇲Նպատակը միայն հայերէն երգել էր։ 🌌«Երկինք նայեցայ եւ Աստուծմէ բան մը խնդրեցի». ի՞նչ էր խնդրանքը։ «Երջանկութեան արցունքներ»ը եւ Սիպիլը. Ի՞նչ առընչութիւն կայ։ 🇹🇷🇦🇲Սուպէր Սաքոյի երգերը Պոլսոյ հայկական թաղերուն մէջ, ինչպէ՞ս պատահեցաւ։ Առաջին անգամ ո՞վ ուրախութիւն պատճառեց Սիպիլին եւ իր առաջին սկաւառակը տարածեց Թուրքիոյ տասնեակ քաղաքներու մէջ։ 🔴Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է պոլսահայ հանրայայտ երգչուհի՝ Սիպիլին հետ։
Լեզու, Սփիւռք, Բանաստեղծութիւն, Արեւմտահայերէն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #59 Խաչիկ-Տէր Ղուկասեան
📝Գրել. Ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ինչո՞ւ։ Լաւ յօդուածը բանավէճ պէտք է ստեղծէ. ինչո՞ւ 🇦🇲Մաքրամաքուր հայերէնը ապրեցնող է՞, թէ՞ վանող։ Ո՞ր պարագային գրողները «աղանդի» մը կը վերածուին։ Արեւմտահայերէնին կեանք տալը կը շարունակէ մարտահրաւէր մնալ. ինչո՞ւ։ ⭕️Այս բոլորին մասին Սագօ Արեան զրուցած է արժանթինաբնակ (արմատներով՝ Լիբանանէն) բանաստեղծ եւ հրապարակախօս Խաչիկ-Տէր Ղուկասեանին հետ։
Հայու ինքնութիւն, Հայ մամուլ, Եգիպտահայութիւն, Լրագրութիւն | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #58 Թովմաս Գորգիսեան
Ի՞նչ կը նշանակէ երկու գաղթավայր ունենալ: 🇪🇬Եգիպտացի՞, թէ՞ արաբ, ի՞նչ են տարբերութիւնները։ Ի՞նչ պատճառով մեր հիւրին հետ յիշեցինք ՀՀ Ազգային հերոս Մովսէս Գորգիսեանը։ 🇪🇬🇦🇲Եգիպտահայ համայնքի խնդիրներն ու դժուարութիւնները։ Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութներուն մասին. մեծ հաշուով պատկերը՝ մոխրագոյն է։ Ովքե՞ր են այն երկու խոշոր գործիչները, որոնք այցելած են թէ՛ Գահիրէ թէ’ Աղեքսանդրիա։ 🇦🇲📰Հայ մամուլի ըրածը այսօր recycling չէ՞ արդեօք, եւ ի՞նչ ըսել է «տաքցուր փակցուր»։ ⭕️Այս հարցերուն մասին Սագօ Արեան զրուցած է լրագրող, հրապարակախօս Թովմաս Գորգիսեանին հետ
Կիպրահայութիւն, Մասոններ, Մելգոնեան Վարժարան , Եկեղեցի | Եկէք Անկեղծ Խօսինք #57 | Անդրանիկ Աշճեան
Քանի՞ տեսակ հայրենիք կայ եւ ինչո՞ւ Երկուութիւնը ի վերջոյ խանգարող հանգամանք է 🇨🇾🇦🇲Ինչի՞ կարիք ունի կիպրահայութիւնը Սփիւռքի կարեւորագոյն խնդիրը ո՞րն է Ի՞նչ ըսել է «լոյս տեսնել» «Ազատ որմանդիրներ»ը եւ դաւադրապաշտութիւնը. առնչութիւններ կա՞ն Ի՞նչ ըսած է ՀԲԸՄ-ի երեւելի առաջնորդներէն՝ Ալեք Մանուկեանը Կիպրոսի «Մելգոնեան» վարժարանին մասին։ ⛪️Եկեղեցին ի՞նչ է մեր հիւրին համար։ 🇦🇲Ո՞ւր է հայը եւ ինչպիսի՞ն է ան ի վերջոյ։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է կիպրահայ համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանին հետ
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #56 | Սէրուժ Պաղտասարեան (C-rouge) | Ինքնութիւն, Հայկական Ոգի, Երաժշտութիւն
🎼Զգացումներ, ուժ եւ ոգի… Ինչի՞ մասին է իր երաժշտութիւնը։ 🇦🇲Երեւանի մէջ տրուած համերգը կը խօսէր նոր ձայնի մը մասին։ 🇱🇧Պէյրութը այլ միջավայր է, հանգստութիւն կու տայ։ 🇦🇲Ինչո՞ւ Հայաստան գալ, ի՞նչ պատճառներով եւ ի՞նչ պայմաններու տակ։ 🎵🇦🇲Ո՞րն է իրական հայ երգը եւ ի՞նչ յատկանիշներ պէտք է՝ զայն որպէս հայ երգ ներկայացնելու համար։ Մեր հիւրին պատգամը՝ «Սիրեցէ’ք հայ եւ մնացէ’ք» հայ։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան անկեղծ զրոյց մը ունեցած է. լիբանանահայ երաժիշտ Սէրուժ Պաղտասարեանին հետ։
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #55 | Արա Սանճեան. Պատմութիւն, Հայու Ինքնութիւն, Կրթութեան Կարեւորութիւն
🇦🇲Ջանք կայ՝ Հայաստանի պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու։ Նոր չեն պատմութիւնը վերաիմաստաւորելու փորձերը։ Շատ մը պարագաներու այսօր տեղի ունեցող դէպքերը կը փոխառընչենք անցեալի դէպքերուն։ Պապ Թագաւորի օրինակը եւ Փաշինեան-Գարեգին Բ. լարուածութիւնը ուղղիղ կապ մը չունին, բայց հասարակութիւնը միշտ կը փորձէ կառչիլ անցեալի պատմութենէն եւ անցեալի դէպքերէն։ Պատմութիւնն ի վերջոյ ի՞նչ է մեր հիւրին համար։ Հայաստանի մասին մեծ-մեծ խօսիլը կամ անցեալը յիշատակելը ոչ այնքան դրական է, քան՝ բարձր մակարդակի կրթութեան տիրացած ըլլալը։ ⭕️Այս նիւթերուն շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է պատմաբան, համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Արա Սանճեանին հետ։
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #54 | Սօսէ Ալեքսա Գրիգորեան. Արեւմտահայերէն, Երուսաղէմ, Հայութեան Ապրած Տագնապներ
🎥Մեր հիւրն ի՞նչ պայմաններու տակ սկսաւ տեսանիւթեր արձանագրել։ Ի՞նչ էր հիմնական նպատակը։ 🇦🇲Հայաստանը ի՞նչ փոխած է իր մէջ։ Մեծ թիւով հայաստանցի օգտատէրեր ի՞նչ կարծիք յայտնած են անոր պատրաստած տեսանիւթիւներուն մասին։ ✈Օդանաւը ինչպէ’ս եւ ո’վ «հանած է», ինչի՞ մասին է խօսքը։ 🇦🇲🇮🇱Երուսաղէմի հայութեան ապագային մասին։ Որո՞ւ կարիքն ունինք այսօր եւ ինչո՞ւ։ Հայերն ի վերջոյ խելացի՞ են։ ⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է երգչուհի, պլոկըր Սօսէ Ալեքսա-Գրիգորեանին հետ։
Եկէք Անկեղծ Խօսինք #53 | Տիգրան Գաբոյեան. Հալէպ, Արեւմտահայ Գրականութիւն, Սփիւռքի «Անորոշութիւն»
🇸🇾Հալէպէն խոյս տալ եւ խուսափիլ, ի՞նչ պատճառներով եւ ինչո՞ւ։ Հալէպ «նոր վերադարձ»ը բոլոր առումներով տարբեր եղաւ, հինէն եկած կապուածութիւնը վերակենդանացաւ։ «Ես խղճացի Հալէպ»ին. ըսաւ մեր հիւրը։ Վերջին գրողները արեւմտահայ գրականութեան. ինչո՞ւ վերջին։ Հայաստանի մէջ գիտե՞ն արեւմտահայ գրականութեան մասին։ 🇺🇸Լոս Անճըլըս. «նոր յո՞յս», թէ՞ «նոր իրավիճակ։ 🇦🇲Երեւանի մէջ «Արեւմտահայկական ճաշարա՞ն», թէ՞ «Արեւմտահայերէն դպրոց»։ Սփիւռքը պատրա՞ստ է Հայաստանին իր «տոլարներ»ը տալու։ Ի՞նչ է «Պարոն սփիւռք»ի ուզածը այսօր։ Հզօր սփիւռք մը ի՞նչ պիտի տայ Հայաստանին։ Հայաստանն ի վերջոյ ինչքա՞ն ժամանակի մէջ կը դառնայ հզօր երկիր եւ հզօր պետութիւն։ ⭕Այս նիւթերու շուրջ Սագօ Արեան զրուցած է բնիկ հալէպահայ բանաստեղծ եւ լրագրող՝ Տիգրան Գաբոյեանի հետ։
1 di 7